ՀՐԱԺԱՐԱԿԱՆԻ ՊԱՀԱՆՋ
ՅԱՆՈՒՆ ազատ, հզօր եւ ինքնիշխան պետութիւն ունենալու տեսիլքին,
ՅԻՇԵԼՈՎ, որ թրքական ցեղասպան կեցուածքն ու ծաւալապաշտական ձգտումները մինչեւ օրս չեն փոխուած, բան մը, որ կը դրսեւորուի մասնաւորապէս Հայաստանի շրջափակմամբ, Հայոց Ցեղասպանութեան փաստին ժխտումով, Արցախի դէմ պատերազմին մէջ անմիջական ռազմական մասնակցութիւն ունենալով եւ ազրպէյճանական շահերը առաջ տանելու քաղաքականութեամբ,
ԳԻՏԱԿՑԵԼՈՎ, որ հայ-թրքական սահմանի բացման «առանց նախապայմաններու» կեղծ դրոյթին տակ, իրականութեան մէջ թրքական կողմը կ՛ակնկալէ Հայաստանէն թրքական նախապայմաններու բացայայտ կամ քօղարկուած ընդունում, մասնաւորապէս՝
1) Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչումէն եւ պահանջատիրութիւնէն հրաժարում.
2) թրքական սահմաններուն, ինչպէս նաեւ Կարսի անօրինական պայմանագիրին ճանաչումը,
3) Արցախի ինքնորոշման իրաւունքէն հրաժարում.
ՀԱՄՈԶՈՒԱԾ ԸԼԼԱԼՈՎ, որ արժանապատիւ եւ միակողմանի զիջումները պիտի չի կասեցնեն թուրք-ազրպէյճանական ծաւալապաշտական ցանկութիւնները եւ պիտի չապահովագրեն Հայաստանն ու Արցախը հնարաւոր նոր պատերազմէ եւ կորուստներէ,
ՊԱՏԱՍԽԱՆԱՏՈՒ ՀԱՄԱՐԵԼՈՎ գործող իշխանութիւններու վերնախաւը, որ, իբր թէ, թալանը վերացնելու խոստումներով եկաւ իշխանութեան, արդէն իսկ մսխած է ժողովուրդին վստահութիւնը: Թալանի դէմ պայքարի անուան տակ ժողովուրդին դրամները իւրացնելու նոր ձեւ կիրառած է՝ պարգեւավճարներու տեսքով: Ձեւաւորած է նոր օլիկարխական (առանձնաշնորհայլներու) համակարգ: Հայաստանն ու Արցախը փաստացի առաջնորդած է պարտութեան՝ մարդկային, տարածքային եւ այլ կորուստներով եւ ԱՅԺՄ ԷԼ ԱՆԿԱՐՈՂ Է պաշտպանել Հայաստանի ու Արցախի շահը, ինչպէս նաեւ կարողութիւնը չունի համայն հայութիւնը համախմբել.
ԿԸ ՅԱՅՏԱՐԱՐԵՆՔ, որ չենք արտօնէր Հայաստանի իշխանութեան մեր անունով բանակցիլ թուրք-ազրպէյճանական կողմին հետ եւ ԿԸ ՊԱՀԱՆՋԵՆՔ՝
• Նիկոլ Փաշինեանի հրաժարականը: